ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԳՐԻԳՈՐ ԵԹԷՐՕՂԼՈՒԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԺՈՂՈՎԱԾՈՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Գրիգոր Եթէրօղլուի ստեղծագործութիւններու նոր ժողովածոն արդէն գրասէրներու տրամադրութեան տակ է։ «Kırık Çan» կը կոչուի Գրիգոր Եթէրօղլուի նոր գիրքը, որ «Payda» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է։ Հեղինակը 1968 թուականէն ի վեր բանաստեղծութիւններ կը հրատարակէ զանազան հարթակներու վրայ։ 2014 թուականին հրատարակուած իր առաջին գիրքէն վերջ ներկայ գործը կը յաջորդէ՝ որպէս իր երկրորդ գիրքը։ Ի մօտոյ «Selinti Yıllar» անուան տակ լոյս պիտի տեսնեն նաեւ իր արձակ գրութիւնները։

Արաբկիրի մէջ ծնած հեղինակը ուսումնառութեան կարգ մը փուլերուն անցած է Ս. Խաչ դպրեվանքի շեմէն։ Արտադրունակ հեղինակ մըն է ան, որու բանաստեղծութիւններն ու արձակ գրութիւնները ընթերցասէրներու կողմէ կ՚ընկալուին հետաքրքրութեամբ։

Գրիգոր Եթէրօղլուի այս վերջին գիրքը կը բաղկանայ չորս գլխաւոր գլուխէ։ Քանի մը տասնեակ բանաստեղծութիւններ այս առթիւ հաւաքուած են կողքի մը տակ։ Այդ գլուխները կը կոչուին՝ «Չունինք լռութենէ զատ ձայն», «Կոտրած զանգ», «Գետի տարեց սրտին» եւ «Առանձին ջուրերու մէջ լողացէք»։

Գրիգոր Եթէրօղլու իր գրականութեան համակիրներուն կը ներկայանայ բաւական կարճ բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ ոմանք ձօնուած են հարազատներուն։ Այդ բանաստեղծութիւններու պարագային ամփոփ տողերու մէջ խոր ներաշխարհի մը պատկերը կ՚ուրուագծուի։ Մարդկային տարրական ապրումները այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ հիւսուած են բնութեան գեղեցիկ տարրերով։ Գրիգոր Եթէրօղլու ընթերցողը ճանապարհորդութեան մը կը տանի՝ դէպի ուրախութիւն, սէր, բաժանում, տխրութիւն, մանկութիւն, երիտասարդութիւն, ճակատագիր, անձնական վերիվայրումներ, ընտանիք եւ ի վերջոյ յիշատակներ։ Ան իր զգացումներն ու միտքերը բանաձեւած է՝ բառերուն հետ ընդելուզելով խորհրդանշաններու կախարդական գեղեցկութիւնը։ Բոլոր անոնք, որոնք ուշադիր կը կարդան Եթէրօղլուի բանաստեղծութիւնները, արդէն կը նկատեն նաեւ, որ ան միայն իր ներաշխարհին մասին չի պատմեր, այդ բանը ընելու ժամանակ ընթերցողին առջեւ ճանապարհ կը հարթէ՝ բացուելու համար դէպի հասարակութիւն, որու վերաբերեալ եւս ունի իր դիտարկումները։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գրիգոր Եթէրօղլուն, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021