ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական հաղորդագրութեան, Փաշինեան եւ Փութին հակամարտութեան արդի հարցերուն անդրադարձան՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համատեսքին մէջ։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակը։ Երկու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ զանազան մակարդակներու վրայ շփումները ապագային շարունակելու ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, Հայաստանի նորանշական Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն՝ Սերկէյ Քոփիրքինի (Ռուսաստան), Լին Թրէյսիի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ Ճոնաթան Լաքոթի (Ֆրանսա) հետ։ Միրզոյեան դեսպաններու հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ։ Միրզոյեան մատնանշած է նաեւ, որ Պաքու կը խաթարէ Երեւանի ջանքերը, որոնք ուղղուած են իրավիճակի լիցքաթափման։

ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս Ատրպէյճանի զօրքերու ներխուժման հետեւանքով փակուած Գորիս-Կապան ճանապարհը արդէն վերաբացուած է։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ օգոստոսի 25-էն ի վեր փակուած՝ այդ ճանապարհի Գորիս-Որոտան եւ Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածները վերաբացուած են։ Ամէն տեսակ փոխադրամիջոցի երթեւեկութիւնը եւ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժը վերսկսած է։ Այս խնդրի լուծման համար Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ կը վարուէին բանակցութիւններ, որոնք տուած են դրական արդիւնք։

Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, որ միջպետական այդ մայրուղիին վրայ որեւէ անցակէտի տեղակայուիլը խնդրոյ առարկայ չէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021