«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽՈՅԺ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱԿԱՄԱՐՏ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ միջ­նորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն աշ­խոյժ աշ­խա­տանք տա­նիլ կող­մե­րուն հետ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով հրա­դա­դա­րի յար­գու­մը խրա­խու­սե­լու հա­մար։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, հայ­կա­կան կայ­քէ­ջի մը տուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ ան յայտ­նեց, որ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կրճա­տու­մը հնա­րա­ւոր կը դարձ­նէ խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­մը։ Ըստ ի­րեն, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հա­կա­մարտ կող­մե­րուն կոչ կ՚ուղ­ղեն զերծ մնալ այն­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք կրնան ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը մի­ջոց մը ա­ռաջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ կը պատ­րաս­տուին նոր այ­ցե­լու­թիւն մը տալ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016