ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ

Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր կա­ռա­վար­ու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի վար­չա­պետ նշա­նա­կուե­լուն զու­գա­հեռ սկսած գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն հա­սուն­ցած է բա­ւա­կա­նա­չափ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նոր կազ­մը յայտ­նի պի­տի դառ­նայ վերջ­նա­կա­նօ­րէն։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րեց շարք մը հրա­մա­նագ­րեր, ո­րոնց հի­ման վրայ յայտ­նի դար­ձան եւս քա­նի մը ա­նուն­ներ։ Ներ­կա­յիս, ընդ­հա­նուր առ­մամբ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի տասն­մէկ ան­դամ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը ար­դէն յայտ­նի են։ Վեր­ջին կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ Ար­մէն Ա­մի­րեան նշա­նա­կուե­ցաւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար՝ փո­խա­րի­նե­լով Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Ար­մէն Ա­մի­րեան եր­կար տա­րի­ներ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ռա­տիո­յէն ներս ղե­կա­վար դեր ստանձ­նած յայտ­նի ա­նուն մըն է։ Նոյն­պէս Ե­րե­ւա­նէն հա­սած լու­րե­րով, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վե­րան­շա­նա­կուած է Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ ու պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ իր պաշ­տօ­նին գլու­խը։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւս պիտի մնան նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազմին մէջ։ Դաշնակցական նախարարներէն Դաւիթ Լոքեան կը մնայ տարածքային կառավարման գլուխը, իսկ Արծուիկ Մինասեան եղաւ բնապահպանութեան նախարար։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի յստա­կա­նան նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016