ՀԱՅՐԵՆԱՆՈՒԷՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տի (ՀՕՖ) պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ՀՕՖ-ի նա­խա­գահն է։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Սերժ Սարգ­սեան ող­ջու­նեց պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցը ու բարձր գնա­հա­տեց տա­րի­նե­րէ ի վեր՝ 1988 թուա­կա­նէն սկսեալ ՀՕՖ-ի կող­մէ ծա­ւա­լուած հայ­րե­նա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ Ա­ղէ­տի գօ­տիէն ներս եւ թէ երկ­րի այլ բնա­կա­վայ­րե­րուն եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մեծ նուի­րու­մով ի­րա­կա­նա­ցուած այս ծրագ­րե­րուն հա­մար եւ հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րէն խնդրեց իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը փո­խան­ցել նաեւ ՀՕՖ-ի բո­լոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, գոր­ծըն­կեր­նե­րուն ու բա­րե­րա­նե­րուն, ո­րոնց օ­ժան­դա­կու­թեամբ կեան­քի կը կո­չուի կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրագ­րե­րը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ՀՕՖ-ի նա­խա­գահ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նին ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վստա­հու­թիւն ար­տա­յայ­տեց, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ի­մաս­տու­թիւնն ու կազ­մա­կերպ­չա­կան տա­ղան­դը տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ պի­տի ծա­ռա­յեն հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց նաեւ ՀՕՖ-ի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած սու­րիա­հա­յոց հա­մար։ Ան մատ­նան­շեց, թէ պե­տու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ՝ մեղ­մաց­նե­լու հա­մար ա­նոնց խնդիր­ներն ու հո­գա­տա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար ա­նոնց նկատ­մամբ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւատ­րեց Է­տուըրտ եւ Ժա­նէթ Մար­տի­կեան բա­րե­րար ա­մո­լը՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով եւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րուած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար։

Ըն­դու­նե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, տնտե­սա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, ներդ­րում­նե­րու ներգ­րաւ­ման եւ ար­տա­հան­ման խթան­ման ուղ­ղու­թեամբ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, սու­րիա­հա­յե­րու ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րուն եւ այլ շարք մը նիւ­թե­րու։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016