ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ  Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան վերջին օրերուն այցելեց Պէյրութ։ Այս ծիրէն ներս Զեքիեան Գերապայծառ Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքին կեանքին, միջեկեղեցական համագործակցութեան, հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին վերաբերեալ նիւթեր ու ծրագրեր։ Արամ Ա. մատնանշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան՝ անցեալէն ժառանգուած գործակցութիւնը։ Ան կարեւորեց այդ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարեւորութիւնը միեւնոյն ժամանակ Զէքիեան Գերապայծառին զօրակցութիւն յայտնեց՝ Մխիթարեան Միաբանութեան առաքելութիւնը վերակազմակերպելու աշխատանքներուն ուղղութեամբ։  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018