«ՔԱՐՏԷՍՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆԱՅԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԱԽՈՂԻ»

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Տենտիաս կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի առկայ գործընթացներուն վերաբերեալ։ Վարչապետը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքներուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ տարածաշրջանէ ներս ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման շուրջ Երեւանի դիրքորոշումներուն վերաբերեալ։

Երկու նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ Տենտիաս յայտարարեց, որ պիտի ձախողին անոնք, որոնք կ՚ուզեն վերասահմանել քարտէսները։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը մնայ անլոյծ, որովհետեւ չեն կարգաւորուած այն խնդիրները, որոնք հակամարտութեան հիմքին կը գտնուին։ «Միանշանակ է՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն», ըսաւ Միրզոյեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022