ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՌԱՒԵԼԱՊԱՇՏ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 44-օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ընդգծեց, որ Պաքու այսօր ալ կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտ նկրտումները։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն երկու տարի անց նախարարութիւնը մատնանշեց, որ Ատրպէյճան այսօր ալ ուժ կը կիրառէ եւ ուժի կիրառման սպառնալիք կ՚օգտագործէ՝ մերժելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ նոյնիսկ որպէս տարածքային միաւոր գոյութեան փաստը, համապատասխան հակամարտութիւնով հանդերձ։

Տարելիցի առթիւ երէկ Երեւանի մէջ հազարաւորներ այցելութեան փութացին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ խոնարհելու համար նահատակներու յիշատակին առջեւ։

«Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձա-զերծած պատերազմը արցախահայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու, իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ եւ անվտանգ ապրելու ու արարելու իրաւունքէն զրկելու եւ ըստ այդմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ուժի կիրառմամբ լուծելու Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան յանցաւոր դրսեւորումն էր։ Այդ մասին կը վկայեն ինչպէս պատերազմէն առաջ եւ պատերազմի ընթացքին, այնպէս ալ յետ պատերազմեան շրջանին Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան չդադրող ռազմատենչ, առաւելապաշտ, հայատեաց յայտարարութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ տակաւին անլոյծ կը մնան բազմաթիւ մարդասիրական խնդիրներ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս այսօր ալ կը շարունակուի հայկական հոգեւոր ու պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման հետեւողական քաղաքականութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ բիւր յարգանքով ոգեկոչուած են նահատակները։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ ալ երէկ ոգեկոչուած են նահատակները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022