ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԿՈՂՄԷ ՔԱՅԼ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի նախաձեռնութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուեցաւ նաեւ  Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի կատարած վերջին բռնութեան հետեւանքներու վերացումը։ 

Սալըվըն այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, ուր նշեց հետեւեալը. «Քննարկեցինք ապագայ բռնութիւններէ խուսափելու, ինչպէս նաեւ յստակ ժամանակահատուածի մէջ կեդրոնացած բանակցութիւններ իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Յստակեցուցինք նաեւ քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն կայուն ու տեւական խաղաղութեան»։

ՄԱՔՐՈՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ նախընթաց օր Փարիզի մէջ ընդունած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին Մաքրոն տեղեկութիւններ փոխանցեց Փաշինեանի հետ ծաւալած քննարկումներուն մասին։ Այս առթիւ Մաքրոն Ալիեւին կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան ետ քաշէ իր զօրքերը եւ յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Զրուցակից նախագահները քննարկեցին Երեւան-Պաքու խաղաղութեան բանակցութիւններու մօտալուտ մեկնարկը։ Մաքրոն Ալիեւին տեղեկացուց, որ Ֆրանսա պատրաստակամ է աջակցիլ՝ չլուծուած հարցերու շուրջ բանակցութիւններու շարունակման։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022