ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՌԿԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱՑՈՒԻՆ»
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ առկայ են խնդիրներ, որոնք պէտք է փորձել վերացնել։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-վարչապետը երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու առկայ խնդիրներուն եւ անհրաժեշտ համարեց անոնց հաւասարակշռումն ու խութերու վերացումը։ Մհեր Գրիգորեան յիշեցուց, որ աշխարհի վրայ իրավիճակը բաւական բարդ է, իսկ տարածաշրջանէն ներս՝ առաւել եւս։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, ի հարկ է, կը յառաջանան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց բացատրութիւնները լիարժէք տրուած չեն։ «Կը կարծեմ՝ պէտք է փորձել բացատրութիւնները հասկնալ ու ճիշդ որոշումներ կայացնել», համոզուած է փոխ-վարչապետը։