ԷԼ ՊԱՂՏԱՏԻ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ի լուր աշխարհին տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ղեկավար Էլ Պաղտատի սպաննուած է յատուկ գործողութիւնով մը։ Սուրիոյ մէջ, Իտլիպի հիւսիսին, Պարիշա գիւղին մէջ Էլ Պաղտատի սպաննուած է իր ապաստանած բնակարանին մէջ։
Նախագահ Թրամփ Սպիտակ տունէն հաղորդեց, որ այս շատ գաղտնի գործողութիւնը երկու շաբաթէ ի վեր ընթացքի մէջ էր։ Էլ Պաղտատի շարունակ կը տեղափախուէր։ ԱՄՆ-ի կազմակերպած գործողութիւնը իրականացուած է ութ ուղղաթիռով։ Նոյն գործողութեան ընթացքին սպաննուած են նաեւ Էլ Պաղտատիի երկու կիներն ու երեք զաւակները։
Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ այս գործողութիւններէն առաջ Թուրքիան տեղեակ պահուած է։ Տեղեակ էր նաեւ Ռուսաստանը։ Թրամփ այս ամբողջին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ։