ԹԱԹՈՅԵԱՆ. «ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ»

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել՝ այս պատերազմէն յետոյ երկրի սահմաններու հետ կապուած ի՞նչ յստակ զարգացումներ կամ լուծումներ նախատեսուած են։ Արդարեւ, անկարելի է հանրութիւնը անորոշութեան մէջ պահել։ Թաթոյեան մատնանշեց, որ յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու համար տագնապեցուցիչ կացութիւններ պէտք չէ ստեղծուին, պէտք չէ խաթարել հոգեկան անձեռնմխելիութիւնը եւ մարդիկ անընդհատ լարուածութեան մէջ պէտք չէ պահուին։

Արման Թաթոյեան մատնանշեց, որ այս բոլորը պետութեան ուղիղ պարտաւորութիւնները կը համարուին իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020