ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամանորի ներկայ տօնական շրջանին տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Վեհարանի երդիքին տակ հիւրընկալեցին խումբ մը հաշմանդամ զինուորներ։ Խրախուսանքի եւ շնորհաւորանքի հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նախագահ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն գօտեպնդեցին երիտասարդ հաշմանդամ զինուորները։ Հարկ է նշել, որ այդ երիտասարդները ըստ էութեան վերջին տարիներուն վիրաւորուած հաշմանդամներ էին, սակայն յաջողած էին յաղթահարել դժուարութիւնները եւ զանազան ոլորտներէ ներս դարձած էին մասնագէտներ։
«Առանց երկմտելու կ՚ըսեմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հերոս է։ Հերոսները միայն անոնք չեն, որոնք հերոսի կոչում ունին, այլեւ հերոս են՝ ըստ իրենց ապրած կեանքի, իրենց ոգիով, այն հերոսական յաղթանակով, որ պարգեւած են մեզի», ըսաւ Արմէն Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին ու շատ էական համարեց, որ վերադառնալէ յետոյ իւրաքանչիւր զինուոր գտնէ իր տեղը կեանքի մէջ։
Նորին Սրբութիւնն ալ հաշմանդամ զինուորներուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնը։
Վեհարանի հանդիպումէն վերջ, Մայրավանքի համալիրէն ներս Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մասնաւոր աղօթք մը։
Արարողութեան աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը ճաշեցին երիտասարդներուն հետ եւ անոնց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։