ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ
Թուրքիա երէկ փայլուն նուաճումի մը արդար հպարտութիւնն ու խանդավառութիւնը ապրեցաւ։ Այսպէս, երկրին մէջ արտադրուած առաջին տեղական ինքնաշարժը ծանօթացուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը, որ ունէր նաեւ պատմական բնոյթ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեղական ինքնաշարժի ծանօթացման հանդիսութիւնը։ Նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ 2022 թուականին այս ինքնաշարժը ճանապարհ դուրս պիտի գայ եւ այսպէսով երկիրը պիտի տիրանայ կլոպալ վաճառանիշի մը։
Երէկ ծանօթացուած այս տեղական ինքնաշարժի առաջին վարողը եղաւ նախագահ Էրտողան։ Հանդիսութեան ընթացքին ան թուարկեց նաեւ նոր արտադրանքի առանձնայատկութիւնները։ Ամբողջովին բնապահպանական համակարգերով կ՚արտադրուի ինքնաշարժը, որ պիտի բանի ելեկտրականութեամբ։ Ան պիտի ըլլայ Եւրոպայի միակ SUV տիպէ ինքնաշարժը։