ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄ

Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Բանակի օրը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանին առաւօտեան ժամերուն այցելեց Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը, ուր տեղի ունեցաւ զինուորական արարողութիւն մը։ Օրուան տեւողութեան նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան զինուորականներու պարգեւատրման արարողութիւնը։ Իսկ երեկոյեան Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հանդիսաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ նոյն շարժառիթով եւ մասնակցութեամբ դարձեալ պետական աւագանիին։ Երեկոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ առաւօտուն Եռաբլուրի մէջ ունեցաւ ելոյթ մը, իսկ յետմիջօրէի պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։

Մինչ այդ, Բանակի օրուան առթիւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան։ Այս վերջինը իր յարգանքն ու խոնարհումը բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ, յուշարձանին մօտ թողուց ծաղիկներ, ինչպէս նաեւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնի մատրան մէջ կատարեց մոմավառութիւն։

Արմէն Սարգսեանի Եռաբլուր այցելութիւնը հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Արդարեւ, յառաջիկայ 2 Մարտին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած է Արմէն Սարգսեան։ Նկատի ունենալով, որ նոր Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ՝ Ազգային ժողովէ ներս մեծամասնութեան տէր Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն կը համարուի այդ պաշտօնի հիմնական թեկնածուն։ Արմէն Սարգսեան երէկ հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ այցելեց Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։ Մինչ այդ, Հայաստանի մէջ կառավարման նոր համակարգի անցումային շրջանը կը զուգորդուի բաղդատութիւններով եւ հասարակութեան մտքի հարցականներուն կապակցութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ անընդհատ լոյս կը տեսնեն բացատրութիւններ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ըստ նոր սահմանադրութեան, Ապրիլ 2018-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ վարչապետը:

Ի տարբերութիւն նախորդ սահմանադրութեան, նոր նախագահի լիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին, եւ ան հիմնականօրէն ներկայացուցչական դեր պիտի կատարէ:

«Մետիամաքս»ը կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենայ նախագահը նոր սահմանադրութեամբ եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են անոնց մէջ:

- Ի՞նչ կարգավիճակ ունի նախագահը:

- Ըստ նոր սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահը պետութեան գլուխն է, որ կը հետեւի սահմանադրութեան պահպանման եւ իր գործառոյթները կ՚իրականացնէ սահմանադրութեամբ սահմանուած լիազօրութիւններու միջոցով:

Ի տարբերութիւն 2005-ին ընդունուած սահմանադրութեան, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութեան ապահովումն ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը նախագահի լիազօրութիւններուն մէջ շարադրուած չեն:

- Ո՞վ կրնայ ընտրուիլ հանրապետութեան նախագահ:

- Հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ 40 տարեկանը լրացուցած, նուազագոյնը վերջին վեց տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին վեց տարիներուն մշտապէս Հայաստանի մէջ բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր անձ:

2005-ի սահմանադրութեամբ, մինչդեռ, նախագահ կրնար ընտրուիլ 35 տարեկանը լրացուցած, վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին տասը տարիներուն մշտապէս Հանրապետութեան մէջ բնակող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ:

- Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կ՚ընտրէ հանրապետութեան նախագահը:

- Եթէ նախորդ սահմանադրութեամբ նախագահը կ՚ընտրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ՝ հինգ տարի ժամկէտով, այժմ, սակայն, նախագահը կ՚ընտրէ Ազգային ժողովը՝ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք քառորդով:

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ քառորդը:

Հանրապետութեան նախագահը կ՚ընտրուի եօթ տարի ժամկէտով եւ իր լիազօրութիւններու իրականացման ընթացքին որեւէ կուսակցութեան անդամ չի կրնար ըլլալ: Նոր սահմանադրութեամբ՝ նոյն անձը այդ պաշտօնը կրնայ զբաղեցնել ոչ թէ առաւելագոյնը երկու, այլ միայն մէկ անգամ:

- Որո՞նք են հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները՝ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան բնագաւառներուն մէջ:

- Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի բնագաւառներուն մէջ մեծապէս փոխուած են:

Նոր սահմանադրութեամբ, հանրապետութեան նախագահը կը նշանակէ Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները, կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքները՝ քսանմէկօրեայ ժամկէտի մէջ:

Մինչդեռ առաջ, օրինակ, ան իրաւունք ունէր նաեւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած պարագաներուն ու կարգով արձակել Ազգային ժողովը եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեամբ սահմանուած պարագաներուն կրնայ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը եւ վարչապետի առաջարկով փոփոխութիւններ կատարել կառավարութեան կազմին մէջ:

Նախորդ սահմանադրութեամբ վարչապետին նշանակման՝ նախագահի լիազօրութիւնները կը սահմանուէին այսպէս. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական տեղերու բաշխման եւ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ վարչապետ կը նշանակէ պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձը»:

Ըստ նոր սահմանադրութեան, «Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն»:

- Ի՞նչ լիազօրութիւններ ունի նախագահը արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ:

- Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ հանրապետութեան նախագահը օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով, կառավարութեան առաջարկութեամբ, կը կնքէ միջազգային պայմանագրեր, վարչապետին առաջարկով կը նշանակէ եւ ետ կը կանչէ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչները, կ՚ընդունի օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հաւատարմագրերը եւ յետկանչագրերը:

Կառավարութեան առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը հաստատէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ վաւերացում չպահանջող միջազգային պայմանագրերը:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կ՚իրականացնէր արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ղեկավարումը:

- Զինեալ ուժերուն մէջ նախագահի լիազօրութիւնները որո՞նք են:

- Նոր սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը նշանակէ ու ազատ կը կացուցէ զինեալ ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը, ինչպէս նաեւ, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը շնորհէ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նոր սահմանադրութեամբ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այլեւս նախագահը չէ, եւ պատերազմի պարագային այդ լիազօրութիւնները վարչապետին կը պատկանին:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը նաեւ ինքնուրոյն կը համակարգէր պետական մարմիններու գործունէութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ, կը նշանակէր եւ ազատ կը կացուցէր զինեալ ուժերու ու այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը:

Հանրապետութեան վրայ զինեալ յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու պարագաներուն, ըստ նախորդ սահմանադրութեան, նախագահը կը յայտարարէր ռազմական դրութիւն եւ կրնար յայտարարել ընդհանուր կամ մասնակի զօրահաւաք, որոշում կ՚ընդունէր զինեալ ուժերու օգտագործման մասին:

Պատերազմի ժամանակ հանրապետութեան նախագահը կրնար նշանակել եւ ազատ կացուցել զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը: Սահմանադրական կարգին սպառնացող անմիջական վտանգի պարագային, խորհրդակցելով Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ, նախագահը կրնար յայտարարել արտակարգ դրութիւն, իրականացնել իրավիճակէն թելադրուող միջոցառումներ եւ այդ մասին ուղերձով դիմել ժողովուրդին:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018