ՕԴԷՆ ԵՒ ՑԱՄԱՔԷՆ

Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները թեւակոխած են 10-րդ օրը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ կատարուած հաղորդումներով, ցայսօր աւելի քան 557 ահաբեկիչ ոչնչացուած է։ Նոյնպէս ոչնչացուած են զանազան կազմակերպութիւններու պատկանող 20 ահաբեկչական թիրախներ։ Ի լրումն այս բոլորին, Թուրք զինեալ ուժերը հակակշռի տակ առած են Պուրսէա լեռը, որ ունի ռազմավարական նշանակութիւն։ Թուրքիոյ սահմանի անմիջապէս մօտակայքին կը գտնուի Պուրսէա լեռը, որու զանազան հատուածներուն մէջ տեղակայուած են ՓՔՔ-ի եւ անոր շառաւիղ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի ահաբեկիչները։ Կը հաղորդուի, որ բանակը ներկայիս այդ լերան վրայ արդէն պարզած է Թուրքիոյ դրօշակը, զուգահեռաբար ահաբեկիչներու մաքրագործումը կը շարունակուի։ Մինչ այդ, ահաբեկիչներու տեղակայուած վայրերուն մէջ զինուորներուն կողմէ կը յայտնաբերուին մեծ քանակութեամբ թմրանիւթեր։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ հրապարակուած տուեալներով՝ ցարդ 19 կէտեր ազատագրուած են ահաբեկիչներէն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, թուրք զինուորները օդէն եւ ցամաքէն կը շարունակեն ազդու գործողութիւնները։ Ցամաքային գործողութիւնները կ՚ընթանան ազատ Սուրիոյ բանակի հետ համատեղ։ Այս մթնոլորտին մէջ, շրջանի բնակիչ ժողովուրդին ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութիւն ալ կը կատարուի բանակին կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ տեղացի ժողովուրդը շնորհակալութեամբ կ՚ընդունի այդ օգնութիւնը։

Բանակի աղբիւրներուն կողմէ մատուցուած այս տեղեկութիւններուն առընթեր, շաբաթավերջին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին։ Էրտողան հերթական անգամ ընդգծեց, որ Թուրքիա աչք չունի Սուրիոյ տարածքներուն վրայ։ Ըստ իրեն, թուրքերը ուր որ երթան՝ իրենց հետ կը տանին արդարութիւն, վստահութիւն եւ ծառայութիւն։ Էրտողան ըսաւ. «Մեր հերոս զինուորները դիւցազներգութիւն մը կը հեղինակեն Աֆրինի մէջ»։ Հանրապետութեան նախագահի խօսքերով, Թուրքիա հաճոյքի համար չէ մտած Աֆրին։ Ինչպէս որ մօտաւոր անցեալին եղած էր «Եփրատի վահան» գործողութիւններու պարագային, այնպէս ալ Աֆրինի շրջանէն ներս Թուրք զինեալ ուժերը իսկական դիւցազներգութիւն մը կ՚իրականացնեն։

Միւս կողմէ, Անգարա դիւանագիտական գետնի վրայ ալ կը շարունակէ աշխուժութիւն ցուցաբերել «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան շարունակուած օրերուն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, որ միեւնոյն ժամանակ Հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Մաք Մասթըրի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը հերթական անգամ վերահաստատեց, թէ Ուաշինկթըն յառաջիկային այլեւս որեւէ զէնք կամ զինամթերք պիտի չմատակարարէ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ի համար։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիա ամերիկեան կողմէն կ՚ակնկալէ շօշափելի քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն վստահութեան վերականգնման։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018