ԱՆՆԱՀԱՆՋ ԸՆԹԱՑՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա մօտաւոր ապագային անդորրութիւն պիտի ապահովէ նաեւ Եփրատի արեւելքին։

Էրտողան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան տարածքի Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի միութիւններու հաւաքին ժամանակ։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ եւ ըսաւ, որ Եփրատի արեւելքին մօտաւոր ապագային պիտի ըլլայ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն։ Իր խօսքով՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտին պիտի վերադառնան միլիոնաւոր գաղթականներ։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի շուրջ 4 միլիոն սուրիացի գաղթական։ Անոնց վերադարձին համար Սուրիայէ ներս պիտի ստեղծուին անվտանգ շրջաններ։ «Ցայսօր շուրջ 300 հազար սուրիացի վերադարձած է այն շրջանները, որոնք մեր երկրին կողմէ մաքրագործուած են ահաբեկիչներէն. ինչպէս՝ Ազէզ, Էլ Պապ, Ճերապլուս, Աֆրին եւ այլն։ Մեր հարաւային սահմաններու երկայնքով հաս-տատուելիք անվտանգ գօտիով այս թիւը համոզուած եմ, թէ պիտի գերազանցէ միլիոնները։ Թուրքիա մեծ ջանքեր կը գործադրէ ոչ միայն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ոչնչացնելու համար այլեւ՝ միեւնոյն ժամանակ, բախումներու հետեւանքով ծնունդ առած մարդասիրական տագնապներու հետեւանքներու մեղմացման համար», ըսաւ Էրտողան։

Իր ելոյթին մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիայէ ներս ուր որ է ոչնչացած է ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն)։ Արեւմը-տեան երկիրները ԻՇԻՊ-ի սպառնալիքը ընկալեցին միայն այն ատեն, երբ այդ կազմակերպութիւնը անոնց տարածքներէն ներս ահաբեկչական գործողութիւններու ձեռնարկեց։ Նոյն արեւմտեան երկիրները այդ կազմակերպութեան դէմ պայքարիլ նախընտրած են դժբախտաբար այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը զինելով։ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը պատրուակելով անոնք զինած են ՓՔՔ-ԵՓԿ-ն։ Իսկ ներկայիս ԵՓԿ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ԻՇԻՊ-ցիներուն մէկ մասը կը մարզէ ու կը զինէ Թուրքիոյ դէմ։ «Թուրքիա առաջ Աստուած մօտաւոր ապագային թէ՛ գիտակցաբար թողուած ԻՇԻՊ-ի մնացորդացը եւ թէ մեր երկրի դէմ մարզուած ԻՇԻՊ-ականները պիտի մաքրագործէ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այս նպատակին համար Թուրքիա շփման մէջ է այն բոլոր ուժերուն հետ, որոնք դաշտի վրայ ունին զինուորական ներկայութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի։ Դիւանագիտական ջանքերու տեւականացումով՝ միեւնոյն ժամանակ յաջորդ փուլերուն համար ալ Անգարա աւարտած է իր պատրաստութիւնները։ Այս գործընթացին մէջ թրքական կողմը կը հետապնդէ թէ՛ իր ազգային անվտանգութեան ամրապնդումը եւ թէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորումը։

Միւս կողմէ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ռուսաստան Սուրիայէ ներս հերթապահութեան սկսած է նաեւ Մենպիչ քաղաքի արեւմուտքին։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր զգայնութիւն կը դրսեւորէ այս քաղաքի պարագային ու կը պահանջէ, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տարրերը հեռանան անոր կեդրոնէն։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Իտլիպի հարցին շուրջ աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019