ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԲԱՆԲԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր նշանակուեցաւ Վլատիմիր Կարապետեան։ Քանի մը օրէ ի վեր Երեւանի աղբիւրները հաղորդումներ կը կատարէին այս մասին ու վերջապէս Վլատիմիր Կարապետեան այս առաւօտեան ժամերուն յստակօրէն հաստատեց վերոյիշեալ հաղորդումները։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ քանի մը օր առաջ առաջարկ ստացած էր վարչապետէն՝ գլխաւորելու համար իր մամլոյ ծառայութիւնը։ Վլատիմիր Կարապետեան, որ անցեալի մէջ եղած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր, ընդունած է ընդառաջել Փաշինեանի առաջարկը։ Հարկ է նշել, որ աւելի քան տասն տարի առաջ, Հայաստանի ներքին քաղաքական ալեկոծեալ փուլերէն մէկուն մէջ ընդդիմութեան հակուած դիրքորոշում արտայայտելու բերումով նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ Վլատիմիր Կարապետեան զրկուած էր դիւանագիտական կոչումէ, այլ քանի մը համախոհ դիւանագէտներուն հետ։ «Ինծի համար պատիւ է վերադառնալ պետական ծառայութեան։ Շնորհակալ եմ վարչապետ Փաշինեանին նման առաջարկի համար», նշեց այս առաւօտ Վլատիմիր Կարապետեան։

Հարկ է նշել, որ Վլատիմիր Կարապետեան վերջին շրջանին Հայ ազգային գոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կը գլխաւորէր։ Ան տեղեկացուց, որ պետական ծառայութեան վերադարձած ըլլալու բերումով կասեցուցած է կուսակցական գործունէութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019