ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Պերլին։ Այսպէս, ան յառաջիկայ ուրբաթ՝ փետրուարի 1-ին, պիտի հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆան Զայպերտի կողմէ հրապարակուեցան համապատասխան լուրերը, որոնց արձագանգ հանդիսացաւ նաեւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը։

«Ճաշի շրջանակէ ներս նախատեսուած է զրոյց մը, որու ընթացքին Մերքէլ եւ Փաշինեան կարծիքներ պիտի փոխանակեն երկկողմանի յարաբերութիւններու, տնտեսական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու շուրջ», յայտնած է Զայպերտ։

Իշխանութեան գլուխ եկած շրջանէն ի վեր Նիկոլ Փաշինեան յամառօրէն կ՚ընդգծէ իր ակնկալութիւնները, որպէսզի Եւրոմիութիւնը աւելցնէ իր օժանդակութիւնը Հայաստանի համար։ Ան բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚ընդգծէ այս սպասումները, որոնց տեսակէտէ իր Պերլին այցելութիւնը կ՚ունենայ կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, Գերմանիա Եւրոմիութեան յառաջատար երկիրներէն մին է եւ նոյնիսկ վերջին տարիներուն ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ անոր կշիռը։

Միւս կողմէ, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան այսօր կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կը տեսակցին եւրոպացի յանձնակատարին հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019