ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ պատմական կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը, որու հեղինակն է ֆրանսացի պատմաբան Ռընէ Կրուսէ։ 1947 թուականին այս աշխատութեան ֆրանսերէն բնագիրը առաջին անգամ հրատարակուած է Փարիզի մէջ՝ «Հայաստանի պատմութիւն» անուան տակ։ Գործը վերահրատարակուած է նաեւ 1984 եւ 1995 թուականներուն։ Հեղինակը թէեւ 1952 թուականին մահացաւ, սակայն իր այս գործը գիտական շրջանակներէ ներս կը շարունակէ բարձր արժէք ներկայացնել։ Իբր այդ, այս գիրքը կ՚արժանանայ նաեւ պատմական նիւթերու հետամուտ ընթերցողներու հետաքրքրութեան։ Ռընէ Կրուսէի այս կարեւոր գործը ֆրանսերէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Սօսի Տոլանօղլուի կողմէ։ Թրքերէն թարգմանութիւնը կը կրէ՝ «Ակունքներէն մինչեւ 1071 հայոց պատմութիւնը»։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Ռոպէր Քոփթաշի կողմէ։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կը պատկանի Մելիսա Արսէնեանի։ Ճակատին վրայ օգտագործուած է Նորայր Շահինեանի կողմէ Աղթամարի մէջ նկարահանուած դրուագ մը։
Հաստափոր այս հատորը, որ նոյնպէս վերահրատարակութիւն մըն է, վստահաբար առարկայ դառնայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Արդարեւ, այսպիսի մասնագիտական գիրքի մը վերահրատարակումը կու գայ ապացուցանել, որ միշտ ալ հետաքրքրութիւն մը կ՚ըլլայ այսպիսի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ։