ՅԱՐԱՏԵՒ ԲՈՂՈՔ ԵՒ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, յարատեւ բողոքի եւ պոռթկումի բազմաբնոյթ դրսեւորումները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնին միշտ հանրութեան հակազդեցութիւնը շօշափելի կը դառնայ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն դէմ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ։ Երէկ, մինչ երկրէն ներս կը նշուէր Բանակի օրը, արդէն զուգահեռաբար Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ բողոքի հերթական ցոյցը տեղի ունեցաւ։ Այս տարուան Բանակի օրը անբաղդատելի էր նախորդ շուրջ երեք տասնամեակներու տօնակատարութիւններուն հետ։ Նահատակներու սուգը, ծանր պարտութեան պատճառած ցասումը կը պայմանաւորէին մթնոլորտը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընդդիմադիր ուժերը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին առջեւ կատարեցին իրենց հերթական ցոյցը։ Հրապարակի վրայ տեղադրուած բեմահարթակէն նախ հնչեցին շարք մը ելոյթներ, որոնցմէ վերջ ցուցարարները համախմբուեցան ուղղակիօրէն վարչապետարանին առջեւ, որ խիստ վերահսկողութեան տակ առնուած էր։ Ոստիկանական ուժերը միջամտեցին, որպէսզի կանխեն ցուցարարներու շէնք ներխուժելը։ Այդ փուլին տեղի ունեցան նաեւ զանազան ձերբակալութիւններ։

Հանրահաւաքի մասնակիցները աւելի վերջ յառաջացան դէպի Աւագ դատախազութեան շէնքը, որ եւս կը գտնուի Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքին։ Ցուցարարները այնտեղ եւս իրենց բողոքն ու անվստահութիւնը յայտնեցին իշխանութիւններուն դէմ՝ միշտ պահանջելով վարչապետի հրաժարականը։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021