ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի երկայնքին վերջին օրերուն շարունակուեցան լարուածութիւնները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ արձակուրդային օրերուն իրավիճակը եղած է անհանգիստ։ Հայաստանի Տաւուշի մարզի բոլոր սահմանամերձ գիւղերուն վրայ կրակ բացուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Այս դէպքերուն ընթացքին խաղաղ քաղաքացի մը վիրաւորուած է։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, հայկական զօրքերուն գործողութիւնները եղած են համաչափ, պատասխան տրուած է թիրախային բոլոր կրակոցներուն։
Ծանօթ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած էին, որպէսզի Նեւրուզի եւ Ս. Զատկի տօնական շրջանին հրադադարը պահպանուի խստօրէն։ Արծրուն Յովհաննիսեան ընդգծեց, թէ տօնական օրերուն իրավիճակի ապակայունացումը, միջազգային կազմակերպութիւններու յորդորներուն անտեսումը անպատասխան չէ մնացած։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ ունեցած է երկու կորուստ։ Նախարարութեան կայքէջի հաղորդումներով, այդ երկու ազէրի զինուորները սպաննուած են Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։ Զանազան աղբիւրներ ուշագրաւ կը համարեն, թէ երկու ազէրի զինուորներու մահուան վերաբերեալ լուրերը պաշտօնապէս հաղորդուած են տակաւին երէկ՝ ընկերային ցանցերու մօտ անոնց յուղարկաւորութեան արձագանգ գտնելուն զուգահեռ։ Ըստ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներուն, տարեմուտէն ի վեր ազէրի բանակէն տասնմէկ զինուոր մահացած է, երեք զինուոր ալ վիրաւորուած։