ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ժամանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նախագահ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ 31 Մարտ-1 Ապրիլ թուականներուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի չորրորդ անգամ։ Գագաթաժողովի տանտէրն է ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա։ Այս գագաթաժողովին հրաւիրուած է նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
Մինչ այդ, Ուաշինկթըն ժամանելէ առաջ, այս օրերուն Սերժ Սարգսեան այցելութիւն մը կու տայ Պոսթոն, որ կը հանդիսանայ իր աշխատանքային այցելութեան առաջին հանգրուանը։ Մասաչուսեցի նահանգային ղեկավարութեան հետ շփումներ կ՚ունենայ Սերժ Սարգսեան, որ կ՚այցելէ նաեւ Հարվըրտի համալսարանը եւ MIT։ Ամերիկահայ շրջանակներու հետ ալ կը տեսակցի Սերժ Սարգսեան, որ երէկ այցելեց «Պայքար» եւ «Հայրենիք» կեդրոնները, նաեւ Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները։ Ուաթըրթաունի մէջ Սարգսեան շրջայց մը կատարեց տեղւոյն հայկական գրադարան-թանգարանէն ներս, որ հիմնուած է 1971-ին ու կարեւոր կառոյց մըն է՝ հայկական մշակոյթի ու ժառանգութեան ներկայացման ուղղեալ։ Սարգսեան այդ հաստատութեան նուիրեց ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի ստեղծագորութիւններէն մին։