«ԿԱԽԵԱԼ ՅՍՏԱԿ ԴԷՊՔԷ»

Դէ­պի Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։ Հա­սան Ռու­հա­նի դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։

Ռուս-ի­րա­նա­կան բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ճե­ւատ Զա­րիֆ։ Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Սու­րիա­յէ ներս ա­հա­բե­կիչ­նե­րու դէմ պայ­քա­րի հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Ի­րա­նի տա­րած­քի ռազ­մա­կա­յան­նե­րու օգ­տա­գործ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մօտ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­ձա­գանգ գտած են նաեւ յստակ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Ճե­ւատ Զա­րիֆ «Ռէ­յօ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, որ ռազ­մա­կա­յան­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ո­րո­շում­նե­րը պի­տի առ­նուին՝ յստակ դէպ­քէ կա­խեալ ձե­ւով։ Ռու­սա­կան կող­մը ներ­կա­յիս ռազ­մա­կա­յան­ներ չու­նի Ի­րա­նի մէջ։ «Երբ ռու­սե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հա­մար անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ օգ­տուիլ Ի­րա­նի կա­յան­նե­րէն, մենք կ՚առնենք հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում», ը­սաւ Զա­րիֆ։

Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Հա­սան Ռու­հա­նիի ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­ներ, նե­րա­ռեալ Սու­րիոյ տագ­նա­պը։

Ռուհանի Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ ռուս-իրանա­կան համագործակցութեան զարգացումը կը բխի եր­կու կողմերու շահերէն ու կը նպաստէ թէ՛ տարածքաշր­ջանային եւ թէ միջազգային կայնութեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017