ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՀԵՏ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրէն ներս բնակութիւն հաստատած սուրիահայոց ներկայացուցիչներուն հետ։ Կառավարութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Կարէն Կարապետեան ըսաւ. «Վերջին շրջանին սփիւռքահայերու վերադարձով, Երեւանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ ծառայութիւններու գործունէութեան որակը էապէս փոխուած է։ Աւելի՛ն, ձեւաւորուած է աշխատանքի, աշխատասիրութեան նոր մշակոյթ մը։ Ձեր մէջ վաղուան օրուան նկատմամբ լաւատեսութիւնը շատ վարակիչ է։ Անպայման պէտք է տաք այնպիսի ազդակներ, որոնց շնորհիւ իւրաքանչիւր օրինապաշտ քաղաքացի հասկնայ, թէ ինք կրնայ ներդրում ընել Հայաստանի մէջ, գործի մը սկսիլ եւ ինքզինք զգալ ապահով»։
Իր խօսքերուն մէջ Կարէն Կարապետեան բացատրեց նաեւ, որ կառավարութեան վերջնական նպատակն է՝ ունենալ ժամանակակից, տրամաբանական, զարգացող պետութիւն մը, միջազգային հանրութեան համար հասկնալի՝ հիմնուելով ազգային արժանապատուութեան, ինքնութեան եւ աւանդութիւններուն վրայ։ Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան ուղղեալ կոչերուն՝ Կարէն Կարապետեան մատնանշեց, որ Հայաստանի ամենամեծ ներուժն է եւ ամենաուժեղ դրամա-գըլուխը՝ մարդը։ Կառավարութեան զարգացման ծրագրերու հիմքին ալ դրուած է այս գաղափարը։ «Իմ կոչի նպատակն է, որ այն փորձառութիւնը, ներուժը, զորս ունին սփիւռքահայերը, յաջողակ օրինակները՝ գիտնականները, կառավարիչները, բժիշկները, մշակոյթի գործիչները, ուղղակի կարենան մեզի փոխանցել, որովհետեւ այսօր աշխարհ կը փոխուի ու կը զարգանայ արագօրէն եւ սա չափազանց կարեւոր է այս պայմաններուն ներքեւ», յայտնեց վարչապետը։
Իրենց ելոյթներուն մէջ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերն ալ ողջունեցին Կարէն Կարապետեանի սփիւռքահայութեան ուղղեալ կոչը՝ իրենց աջակցութիւնն ու մասնակցութեան պայմանագրութիւնը յայտնելով երկրի զարգացման ծրագրերուն համար։ Աւելի վերջ անոնք Կարէն Կարապետեանին հետ քննարկեցին այն հարցերը, որոնք առկայ են սուրիահայերուն առջեւ։ Այդ խնդիրները, ըստ էութեան, կը վերաբերին փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու խթանման, գիւղատնտեսութեան բնագաւառին, գործարար ծրագրերուն եւ ընդհանրապէս տնտեսութեան զարգացման։ Ներկայացնելով կառավարութեան այս ուղղութիւններով ձեռնարկած բարեփոխումներուն՝ Կարէն Կարապետեան կարեւորեց սփիւռքահայութեան աշխոյժ ներգրաւումը երկրի յառաջընթացի ուղղեալ ծրագրերուն։
ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Կարէն Կարապետեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աշխապատ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմէտովի հետ։ Կարապետեան մէկտեղուեցաւ նաեւ այդ երկրի նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ։ Աշխապատի մէջ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է հանգամանօրէն քննարկել տնտեսական համագործակցութեան զանազան հարցեր ու նախագծեր, որոնք կրնան ապահովել երկկողմանի համագործակցութեան աշխուժացումը, առեւտրատնտեսական շրջանառութեան ծաւալներու բարձրացումը՝ օգտագործելով մեծ ներուժով։