ՀԱՊԿ-Ի ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան «Միր 24» ռու­սա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նին մէջ տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ՀԱՊԿ-ի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ Հա­ւա­քա­կան անվտան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­­մա­կեր­պու­թիւ­նը (ՀԱՊԿ) ուղ­ղուած չէ ոե­ւէ մէ­կուն դէմ։ Այդ պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րած պե­տու­թիւն­նե­րը ե­լա­կէտ ու­նե­ցած են կազ­մա­կեր­պու­թեան գօ­տիէն ներս անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Այս­տեղ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այն հա­ւա­քա­կան գօ­տիին, որ կը գո­յա­նայ հա­մա­տեղ ջան­քե­րու ար­դիւն­քով։ «Մեր դիր­քո­րո­շու­մը այս­պէս է եւ որ­քան ա­րագ ըն­թա­նայ ՀԱՊԿ-ի ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­կա­նու­թեան յար­մա­րա­նա­լը, այն­քան ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լայ կազ­մա­կեր­պու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հա­մար», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին հարց տրուե­ցաւ, թէ ո­րո՞նք են ՀԱՊԿ-ին ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող հիմ­նա­կան վտանգ­նե­րը։ Ի պա­տաս­խան Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նեց. «Ար­դի աշ­խար­հին մէջ սպառ­նա­լիք­ներն ու վտանգ­նե­րը ի յայտ կու գան զա­նա­զան ե­ղա­նակ­նե­րով։ Անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­լիք­նե­րը բազ­մա­շերտ են։ Յստակ մե­զի հա­մար սպառ­նա­լիք է մեր տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ստեղծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նին, որ կը փա­փա­քի զէն­քի մի­ջո­ցաւ լու­ծել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Մենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան անվտան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւորն ենք, այս պատ­ճա­ռով մե­զի հա­մար ա­ռա­ջին սպառ­նա­լի­քը, ա­ռա­ջին մար­տահ­րա­ւէրն է այս մէ­կը»։

­Սերժ Սարգ­սեան նոյն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­ւել­ցուց նաեւ, որ Հա­յաս­տան ըն­դա­մէ­նը 400 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի այն տա­րածք­նե­րէն, ուր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը։ «Սա կը նշա­նա­կէ, որ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­նուղ­ղա­կի կապ ու­նին մեր անվ­տան­գու­թեան հետ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, որ ԻՇԻՊ-ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ներգ­րա­ւուած են ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րէն բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ։ «Վաղ, թէ ուշ մեր տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ պի­տի յայտ­նուին մար­դիկ, ո­րոնք ար­դէն ռազ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նին, ո­րոնք կը դի­մեն բար­բա­րո­սա­կան մե­թոտ­նե­րու եւ կրնան յա­ւե­լեալ բար­դու­թիւն­ներ ստեղ­ծել ա­ռանց այդ ալ փխրուն կա­յու­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու գոր­ծին մէջ։ Մենք, դժբախ­տա­բար, շփման գծի միւս կող­մէն կը լսենք ա­րա­բե­րէն խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ այլ ձայ­ներ։ Մենք կը կար­ծենք, որ մար­դիկ, ո­րոնք հե­ռա­ցած են Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն, կը ներգ­րա­ւուին մեր տարած­քաշր­ջա­նի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Սա, ի հար­կէ, շատ վտան­գա­ւոր է։ Ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի մէջ շատ այլ սպառ­նա­լիք­ներ եւս կան, ա­նոնք շատ են», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով ՀԱՊԿ-էն ներս Հա­յաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ եր­կի­րը այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր պե­տու­թիւն­նե­րէն մին է եւ այս հան­գա­ման­քը յա­ւե­լեալ պա­տաս­խա­նատուու­թիւն­ներ կը բե­րէ Ե­րե­ւա­նի ու­սե­րուն։ «Մենք մեր դե­րը կը տես­նենք կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ դրուած պա­հանջ­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու մէջ։ Ո­րով­հե­տեւ, ես կը կար­ծեմ, որ սա ա­ռա­ջին գործն է, պէտք է ը­նեն իւ­րա­քան­չիւր կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին, թէ տուեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըլ­լայ ու­ժեղ։ Աշ­խարհ կը փո­խուի, քսան­հինգ տա­րի ա­ռաջ, հա­ւա­նա­բար, ոչ ոք կը մտա­ծէր, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս ի յայտ կու գայ եւ այս­քան մեծ ծա­ւալ­նե­րու կը հաս­նի։ Ա­սոր հա­մար մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը պէտք է յար­մա­րի, զար­գա­նայ։ Ան­ցեալ տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ ՀԱՊԿ-ի խոր­հուր­դի նիս­տին ժա­մա­նակ մենք ըն­դու­նե­ցինք հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը մին­չեւ 2025 թուա­կա­նը։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ մեր նա­խա­գա­հու­թեան սկիզ­բէն իսկ սա ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն էր մե­զի հա­մար ու մենք կա­րո­ղա­ցանք զայն կեան­քի կո­չել։ Այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան մէջ յստակ մատ­նան­շուած են բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նա­կան դրոյթ­նե­րը։ Ես կը կար­ծեմ, որ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ միւս հե­տա­քրք­րուած ան­դամ­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր է ՀԱՊԿ-ի զար­գա­ցու­մը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան չփա­փա­քե­ցաւ բաղ­դա­տու­թիւն մը կա­տա­րել ՀԱՊԿ-ի եւ ՆԱ­ԹՕ-ի մի­ջեւ։ Իր խօս­քե­րով, ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն ստեղծ­ման պա­հէն սկսեալ կը հե­տապնդ­նէ իր նպա­տակ­նե­րը, իր ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ իւ­րա­քան­չիւր կազ­մա­կեր­պու­թիւն կը կա­յա­նայ իւ­րո­վի։ «Մենք պէտք է հա­շուի առ­նենք այն ճա­նա­պար­հը, ո­րով ան­ցած են փոր­ձա­ռու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։ Ո­րե­ւէ ա­մօթ բան չկայ դրա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը իւ­րաց­նե­լու մէջ։ Ես կը կար­ծեմ, թէ նպա­տակ­ներն ու ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը, զորս ի­րենց առ­ջեւ դրած են ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րը մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ժա­մա­նակ, ի­րա­տես են ու ձեռն­տու ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­մար։ Այս պատ­ճա­ռով կը կրկնեմ՝ մեր խնդի­րը ՀԱՊԿ-ն զար­գաց­նելն է, մենք պէտք է զար­գա­նանք, որ­պէս­զի ու­րիշ­ներ փոր­ձեն մեզ բաղ­դա­տել այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ», ընդգ­ծեց Սերժ Սարգ­սեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017