ԱՆԱՆՏԵՍԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄ

Պատրիարքական Աթոռը այս առաւօտ մեր մամուլին միջոցաւ թրքահայ համայնքին ուղղեալ շատ կարեւոր կոչով մը հանդէս եկաւ։ Նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմնին ալ յանձնարարութեամբ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը կը ցոլացնէ շինիչ ու դրական ոգի մը։ Պատրիարքարանի կոչը ունի անանտեսելի պատգամի մը բնոյթը։ Արդարեւ, տօնական օրերու սեմին Պատրիարքարանը կը ներկայացնէ ընդհանուր արժեւորում մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ եւ կը շեշտէ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հիման վրայ համա-խըմբման անհրաժեշտութիւնը։

Այս յայտարարութեան մէջ ամենայն անկեղծութեամբ մատնանշուած են մեր համայնքի հաւաքական օրակարգի առկայ խնդիրները, որոնց հետեւանքները կը բազմապատկուին անմիաբանութեան ու պառակտումներու հետեւանքով։ Հետեւաբար, Պատրիարքական Աթոռը Աւագ շաբթուան ներկայ խորախորհուրդ օրերն ու շաբաթավերջի Սուրբ Զատկի տաղաւարը յարմար առիթ մը նկատած է՝ որպէսզի մեր ժողովուրդի անդամները հրաւիրէ եղբայրական սիրով ողջագուրուելու։ Եթէ մեր խնդիրներու յաղթահարման համար պէտք է նորովի եռանդով ու վճռակամութեամբ ջանքեր գործադրուին, ապա անհրաժեշտ է, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս բացուի նոր էջ մը, սպիտակ էջ մը։ Ըստ երեւոյթին, Պատրիարքական Աթոռն ալ մեկնակէտ ունեցած է այս իրողութիւնը։ Ուստի, Գումգաբուէն կը հնչէ կարեւոր յորդոր մը, որպէսզի շաբաթավերջի տօնական օրերուն մեր համայնքի զաւակները զիրար ողջունեն եղբայրական սիրոյ զգացումներով եւ այսպէսով ալ ստեղծուի առիթ մը՝ որպէսզի այլեւս նոր ու միասնական շրջան մը բացուի թրքահայութեան կեանքէն ներս։

Մեր յարակից սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուած կոչին հայերէն եւ թրքերէն տարբերակները։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018