ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ 4 ժամ 20 վայրկեան տեւեց այս ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ։

Տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները խոշորացոյցի տակ բերուեցան երկարատեւ նիստին ընթացքին, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ մատնանշուեցան կարեւոր հանգամանքներ։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը զգուշացումներով հանդէս եկաւ՝ որպէսզի Սուրիոյ Մենպիչ քաղաքը, նաեւ Իրաքի մէջ Սինճարի եւ Քանտիլի շրջանները մաքրագործուին ահաբեկիչներէ։

Զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ Մենպիչի եւ Եփրատի արեւելքի ահաբեկիչները ժամ առաջ պէտք է հեռացուին տարածքաշրջանէն։ Այլապէս Թուրքիա պիտի չվարանի նախաձեռնութիւն ստանձնելէ։

Բաց աստի, շեշտուեցաւ, որ Իրաքի պետութենէն կ՚ակնկալուի Սինճարի եւ Քանտիլի շրջաններէ ներս ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւններուն կասեցումը։ Եթէ այդ բանը հնարաւոր չըլլայ, ապա ահաբեկչական գործունէութիւնները պիտի արգելափակուին Թուրքիոյ կողմէ։

Ժողովի ընթացքին մանրամասնօրէն ամփոփուեցան «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։

Մինչ այդ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, յառաջիկայ օրերուն կրնան հրապարակուիլ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն ներս Թուրքիոյ ներկայութեան վերաբերեալ կարեւոր նորութիւններ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ բոլորի հրապարակման համար կը սպասուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Անգարա այցելութեան, որ նախատեսուած է 3-4 Ապրիլին։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018