ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի ծայրայեղական, թշնամական եւ ապակառուցողական դիրքորոշումն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բակօ Սահակեան Armenian Mirror Spectator թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Ան ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք, թէ միջազգային հանրութիւնը՝ ի դէմս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի մտահոգուած է այս բարդ հարցի լուծման որոնումով։ Սակայն մեր խոր համոզումն է, թէ կողմերէն մէկուն՝ Ատրպէյճանի ապակառուցողական, ծայրայեղական եւ թշնամական դիրքորոշումը այն հիմնական խոչընդոտն է, զոր չենք կրնար յաղթահարել, լուրջ համաձայնութիւններու հասնելու համար»։

Անդրադառնալով փախստականներու խնդրին՝ Բակօ Սահակեան շեշտեց, որ յաճախ կը խօսուի ատրպէյճանցի փախստականներու մասին, սակայն բաւարար ուշարդութիւն չ՚ընծայուիր հայ փախստականներու խնդիրներուն նկատմամբ։ «Մենք բազմիցս նշած ենք, որ ատրպէյճանցի փախստականները, բնականաբար, կրնան վերադառնալ Արցախի Հանրապետութիւն, եթէ ընդունին անոր իրաւասութիւնը», նշեց ան։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018