ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Անթալիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ապրիլի 8-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։ Այս առթիւ Մոսկուա պիտի մեկնի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Նախարարներու Անթալիոյ այսօրուան հանդիպումը կը նախորդէ այդ ժողովին։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով քննարկումներ կը ծաւալեն Անգարա-Մոսկուա ռազմավարական համագործակցութեան ապագան ծրագրաւորելու համար։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ, որ երկու երկիներու քաղաքացիները կարենան իրենց անձնագրերով փոխադարձ այցելութիւններ կատարել։ Թրքական լրատուամիջոցները այս խնդրին կ՚անդրադառնան լրջօրէն, սակայն ռուսական աղբիւրները որոշ չափով թերահաւատ են, որովհետեւ կը մատնանշեն այբուբեններու տարբերութիւնը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով երկկողմանի յարաբերերութիւնները շօշափելու առընթեր, կարծիքներ կը փոխանակեն միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019