ՕՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Վիեննայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Այս կարեւոր հանդիպման ընդառաջ, երէկ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը՝ նոյնպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցան երկու նախարարներուն հետ, իսկ աւելի վերջ միասնաբար տեսակցեցան Մնացականեանի եւ Մամետեարովի հետ։ Նախարարները այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի այժմու փուլին շուրջ։

Նախարարներու երէկուան հանդիպումէն առաջ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ Մոսկուայէն։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրավիճակի վերլուծութիւնը կը տրուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին։ Կը քննարկուին բոլոր հարցերը համանախագահներու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջանակին մէջ։ Այստեղ հարցը ոչ այնքան մաղթանքներն են, որքան ամբողջ իրավիճակի վերլուծութիւնը, որ կը տրուի այդ հանդիպման ընթացքին։ Արդիւնքներու մասին կը յայտնենք յաւելեալ»։

Կը հաղորդուի, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ շուրջ երկու ժամուան տեսակցութիւն մը կը նախատեսուի նոյն օրակարգով։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հասաւ Վիեննա։ Օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորուեցաւ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Պապիկեանի կողմէ։ Իլհամ Ալիեւ Նիկոլ Փաշինեանէն աւելի շուտ հասած էր Վիեննա։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Նիկոլ Փաշինեան Վիեննայի մէջ կեցութեան ընթացքին կը տեսակցի նաեւ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր ֆան տեր Պելէնի, վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետին հանդիպումը Աւստրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019