«ԱՐՏԱՒԱԶԴ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Մարտի 27-ի Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, ընդ որում, այս տարի 20-րդ անգամ տեղի ունեցաւ եւ ըստ այդմ յոբելենական էր։ Մրցանակներու բաշխման եւ թատերական գործիչներու մեծարանքի այս աւանդական ձեռնարկը արժանացաւ թատերական եւ գեղարուեստական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Լեփլեցուն դահլիճով կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին վերյիշուեցաւ այս մրցանակի հիմնադիր Երուանդ Ղազանչեան։ Այս վերջնոյն անուան հաստատուած յատուկ մրցանակին այս տարի արժանացաւ անուանի թատերագէտ Սերկէյ Առաքելեան։ Մրցանակաբաշխութեան մէկ այլ յատուկ մրցանակի՝ «Թատրարուեստին անբասիր ծառայութեան» համար մրցանակին արժանացան Իրինա Մարչենքօ, Արա Երնջակեան եւ Պորիս Պեպանեան։ 

Ձեռնարկի տեւողութեան զանազան անուանակարգերով նախատեսուած մրցանակները յանձնուեցան այս տարուայ դափնեկիրներուն՝ ջերմ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021