ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ. «ՈՒԺԻՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱԿԱԴՐԵԼ ՈՒԺ»

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման հերթական հանրահաւաքը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին անգամ մը եւս ընդդիմադիր ցուցարարներ համախմբուեցան՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր գլխաւորած կառավարութեան հրաժարականը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի համալիրի գտնուած՝ Բաղրամեան պողոտայէն եւ անոր յարակից Տեմիրճեան փողոցէն սկիզբ առաւ ցուցարարներու համախմբումը։ Հանրահաւաքին յաջորդեց նաեւ բողոքի երթ մը՝ դէպի Ֆրանսայի հրապարակը, ուր կը գտնուի Երեւանի Օփերան։ 

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով կազմակերպուած հանրահաւաքին ժամանակ շեշտուեցաւ, որ ընդդիմադիր շարժման պարագային նահանջ չկայ եւ վարչապետի հեռացման օրակարգը կը մնայ անփոփոխ։ 

Երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին ընդդիմադիր զանազան գործիչներ հանդէս եկան ելոյթներով։ Իր կարգին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ ընդդիմութեան հանրահաւաքին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ Ըստ իրեն, այսօր Նիկոլ Փաշինեան ուժային միջոցներով կը պահէ իր իշխանութիւնը եւ ոչ թէ օրէնքով։ Այս կարծիքի հիման վրայ ան յայտնեց, որ ուժին պէտք է հակադրել ուժ։ «Մենք պէտք է կարողանանք ստեղծել ուժ։ Պէտք է աշխատինք ամէն օր, զբաղինք քարոզչական գաղափարական աշխատանքով, կազմակերպչական աշխատանքով, պէտք է երթանք շրջաններ, հանդիպինք եւ ամէն տեղ ստեղծենք մեր կառոյցները եւ օր մը ամբողջ ժողովուրդով կը բարձրանանք, երկու օրուան մէջ պէտք է ոչնչացնենք ամէն ինչ։ Այսօրուընէ սկսեալ մենք պիտի նախապատրաստուինք այդ իսկ օրուան։ Ուժին պէտք է հակադրել ուժ, խաղաղ խօսակցութիւնները չեն օգներ», համոզուած է ընդդիմադիր առաջնորդը։ 

Երէկուան ելոյթին մէջ Վազգէն Մանուկեան ընդգծեց նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեան կաշառած է ոստիկանութիւնը։ Բայց եթէ կաշառք կը տրուի, պարտադիր չէ, որպէսզի դիմացինը այն մէկը ընդունի եւ կամ ընէ բոլոր պահանջուածները։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը դարձած է Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութեան ծառայութիւնը ներկայ պայմաններով եւ այս երեւոյթը ի զօրու դարձաւ, երբ Հայաստան շրջապատուած էր թշնամիներով։ 

Հանրահաւաքի ելոյթին առընթեր Վազգէն Մանուկեան երէկ ամփով զրոյց մը ունեցաւ նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ըստ իրեն, Փաշինեան պէտք է վռնտուի ո՛չ միայն իր ըրածներու եւ անշնորհք կառավարման, այլեւ անոր համար, որ հիմա տեղը նստելով՝ երկիրը կը զրկէ իր ապագայէն։ Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, Նիկոլ Փաշինեան կ՚ամրացնէ իր վարչական միջոցները, կը չէզոքացնէ բանակը, կը կաշառէ ոստիկանութիւնը, կ՚օգտագործէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, դատախազութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ լծակներ կը կորսնցնէ ժողովուրդի աչքին։ Մանուկեանի խօսքով, արտահերթ ընտրութիւններու ըլլալը կամ չըլլալը կ՚որոշուի վարչապետին կողմէ։ Իսկ ան այնքան սուտեր ըսած է, որ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ եւ կրնան նոյնիսկ չըլլալ։ 

Վազգէն Մանուկեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ վերահաստատեց, որ որեւէ ձեւաչափով ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի։ Հաւանական է՝ հանդիպումներուն մասնակցի, բայց անոնք չեն ըլլար այս կամ այն թեկնածուի կողմէ, այլ ընդհանուր վիճակի մասին եւ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Մանուկեան հերթական անգամ կրկնեց, որ խայտառակ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, որովհետեւ ներկայ պայմաններով ընտրութեան չեն երթար։ Այս բզկտուած վիճակով ընտրութիւնները որեւէ լաւ բան պիտի չտան Հայաստանին։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021