ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը, ինչ որ գնահատուեցաւ խիստ լարուած։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ մասնակցեցաւ այս նիստին, որ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։

Ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու, իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճան մտացածին հիմնաւորումներ գտնել փորձելով գետին կը պատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ նոր սադրանքներու եւ յարձակում սկսելու համար։ Նոյն ամբողջին մէջ դասուած են Հայաստանի Հանրապետութեան հասցէագրուած մեղադրանքները՝ խաղաղութեան պայմանագրի հարցին մէջ ոչ-շինիչ գործողութիւններու համար։

«Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակին մէջ հարկ կը համարէ անգամ մը եւս վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի առաջ հնչեցուցած դիրքորոշումը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կ՚առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններու սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ», նշուած է ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ։

Բաց աստի, Անվտանգութեան խորհուրդը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական բախումներու հաւանականութեան վրայ։ Այսպէս, անհրաժեշտ կը համարուի միջազգային զսպումներու գործարկում՝ տարածաշրջանէ ներս նոր ռազմական մագլցման եւ էթնիք զտման թոյլ չտալու համար։

Օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ տեղեկացուցած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ Հայաստանի հետ։ Ալիեւ այդ մասին յայտնած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին ուղարկած նամակին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022