ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Սան Նիքոլա տա Թոլենթինօ) շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Դադիվանքի հայկական պատմական վանքի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը։ Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Գիրքը հեղինակուած է ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ վերականգնող Քրիստին Լամուրէի կողմէ։ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան։

Հաւաքոյթին ներկայ էին զանազեն երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, իտալացի պաշտօնատարներ, ակադեմական շրջանակներէ դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն սպասաւորներ եւ իտալահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022