ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՇԽԱՐՀԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏՕՆԵՑ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Ուղղափառ աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին այս մակարդակի վրայ տեղի ունեցան խտացեալ հանդիպումներ, որովհետեւ տիեզերական պատրիարքը մասնակցութիւն բերաւ նաեւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի քառասունքին։ 

Միւս կողմէ, նոյնպէս Ս. Զատկի առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին նաեւ Ասորիներու Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019