ԱՄՆ ՄՏԱՀՈԳ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԾԱԽՍԵՐՈՎ

Հայաստան ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք անցեալ տարի ռազմական ծախսերու համար յատկացուցած են իրենց համախառն ներքին աճի առնուազն 4 տոկոսը։

«Խաղաղութեան հարցերու ուսումնասիրութեան միջազգային կաճառը» (SIPRI), որու կեդրոնը կը գտնուի Սթոքհոլմի մէջ, հրապարակեց 2019 թուականի տուեալներու հիման վրայ զեկոյց մը, ըստ որու Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնուին այն տասն երկիրներու շարքին, որոնք անցեալ տարի ռազմական ծախսերու համար յատկացուցած են իրենց համախառն ներքին աճի առնուազն 4 տոկոսը։ Հայաստանի պարագային այդ համեմատութիւնը կը կազմէ 4.9 առ հարիւր, իսկ Ատրպէյճանի պարագային՝ 4 առ հարիւր։ Ցուցակը կը գլխաւորէ Օման, որ ռազմական ծախսերուն համար յատկացուցած է իր համախառն ներքին աճի 8.8 տոկոսը։ Կը յաջորդեն՝ Սէուտական Արաբիան (8 տոկոս), Քուէյթ (5.6 տոկոս), Իսրայէլ (5.3 տոկոս), Յորդանան (4.7 տոկոս), Լիբանան (4.2 տոկոս)։ Ատրպէյճանի հետ 4 տոկոսի վիճակագրութիւն մը ունեցած է նաեւ Փաքիստան։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն արձագանգեց այս վիճակագրական տուեալներուն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը խախտեն Եւրոպայէ ներս սովորական սպառազինութիւններու պայմանագիրը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը մտահոգիչ համարած է այս երեւոյթը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020