ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԸ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Հայաստանէ եւ Իրանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Երկուստեք ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ համաճարակի հետեւանքով մահացածներուն համար։ Նշուեցաւ, որ մարդկութեան պատուհասած այս վտանգին դիմակայելու համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան կողմէ միասնական ջանքերու գործադրութիւնը եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը։ Հակառակ հաղորդակցութեան ոլորտէ ներս ժամանակաւոր սահմանափակումներուն, Հայաստան եւ Իրան կը շարունակեն առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը եւ երկու երկիրներու ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնեցին այս ուղղութեամբ։ Անոնք կարեւորեցին ապագայ քայլերու ձեռնարկումը նոյն ուղղութիւնով։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Հասան Ռուհանի մասնաւորապէս ընդգծեցին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան առկայ համաճարակի նախորդած ծաւալներու վերականգնման նպատակով համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւնը՝ պահպանելով ստեղծուած իրավիճակով պարտադրուած սահմանափակումները։

Փաշինեան-Ռուհանի հեռախօսազրոյցին հետ նոյնաժամանակ Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանն ալ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ելեկտրահաղորդման գծի կառուցումը պիտի չդադրի եւ այս ծրագիրը ընթացքի մէջ է՝ հակառակ համաճարակին։ Խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-Իրան ելեկտրահաղորդման երրորդ գծին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի հետ։ Այս առթիւ երկու նախարարները անդրադարձան համաճարակի ծաւալումով պայմանաւորուած իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած ծրագրերուն։ Այս ամբողջին մէջ Մնացականեան պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ համաճարակի ծաւալման կանխարգիլման եւ բնականոն կեանքի աստիճանաբար վերականգնման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ համաճարակով պայմանաւորուած ընկերատնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման եւ վերականգնման ծրագրերու կարեւորութիւնը՝ տնտեսական ճգնաժամը կանխելու եւ միջազգային համագործակցութեան համատեսքին մէջ։ Մնացականեան արժեւորեց գերմանական կողմի նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի հետ փորձառութեան փոխանակման սատարելու ուղղութեամբ։

Նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգային հարցերու, բազմակողմանի հարթակներու վրայ Երեւանի եւ Պերլինի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շուրջ։ Մնացականեան ընդգծեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ ձեռնարկելու համար գործնական քայլերու երկկողմանի օրակարգի ընդգրկուն բնոյթին համապատասխան։ Այս ամբողջին մաս կը կազմեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական եւ այլ ոլորտներէ ներս երկխօսութեան թափի պահպանումն ու խորացումը։

Նախարարները կանգ առին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան վրայ։ Այս համատեսքին մէջ անոնք անդրադարձան Գերմանիոյ մօտալուտ նախագահութեան։ Արդարեւ, յունիսի սկիզբին Գերմանիա պիտի ստանձնէ ԵՄ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Զօհրապ Մնացականեան մասնաւորապէս կարեւորեց Արեւելեան գործընկերութեան հարթակը Եւրոմիութեան ու անոր անդամ երկիրներու հետ համագործակցութեան խորացման, ինչպէս նաեւ ազգային մակարդակով ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջմղման առումով։ Մնացականեան շեշտեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացումը նոյնիսկ համաճարակով պայմանաւորուած ներկայ բարդ ժամանակահատուածին մէջ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Հէյքօ Մաաս խորհրդակցեցան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ։ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, որ կը շարունակուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Նախարարը կանգ առաւ այս կապակցութեամբ հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշման եւ մօտեցումներուն վրայ։ Ան կարեւորեց առողջապահական համաշխարհային տագնապի ժամանակաշրջանին հրադադարի խստիւ պահպանումը։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի համաշխարհային հրադադարի կոչին հետեւիլը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020