ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ներկայիս իրերայաջորդ ծրագրեր օրակարգի վրայ կը բերէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին «ԽՕՍՔ ԱՌ» ծրագրին մասին՝ համապատասխան դիմումի կոչով մը հանդերձ։ Սա մրցանակ մըն է, որ աշխարհասփիւռ հայախօսներուն առիթը կ՚ընծայէ հայերէնով արծարծելու այն հիմնահարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մարդկութիւնը այսօր։
Քորոնաժահրը կը ստիպէ, որ միլիոնաւոր հայեր մեկուսանան։ Այս պայմաններուն ներքեւ համացանցը եւ զանազան ընկերային առցանց հարթակներ հաղորդակցութեան ազդեցիկ միջոցներ դարձած են։ Շատեր կը դիմեն այս ձեւերուն՝ ստեղծելով արտայայտչական նոր մշակոյթ մը։ Այս ծիրին մէջ, Հայկական բաժանմունքը կը յայտարարէ լսատեսողական եւ գրական արտադրութեան մրցանակ մը, որ կը կոչուի «ԽՕՍՔ ԱՌ»։ Այսպէսով «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը բոլորը կը հրաւիրէ ստեղծելու նիւթեր, որոնք կ՚անդրադառնան աշխարհի առկայ հիմնահարցերուն, կը միտին հասարակութիւնը իրազեկելու եւ քաջալերելու՝ սոյն նիւթերու մասին բոլորի արտայայտուիլը եւ լուծումներու շուրջ խորհրդածելը։
Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան այս առթիւ ըսաւ. «Հարկաւոր է խօսիլ մարդկութեան վերաբերեալ արդի հիմնահարցերու մասին, որոնք անյապաղ կ՚անդրադառնան նաեւ աշխարհասփիւռ հայուն վրայ. օրինակ՝ կենսոլորտի աղէտը, գաղթականներու ճգնաժամը, յարատեւ պատերազմները, համայնքային մարտահրաւէրները եւ այլն։ Այս մրցանակով կը հետապնդենք երկու նպատակ։ Առաջին՝ քաջալերել, որ իբրեւ համայնք խօսուի մարդկութեան դիմակայած դժուարութիւններուն մասին։ Երկրորդ՝ խթանել, որ այս քննարկումները տեղի ունենան հայերէնով եւ զանազան միջոցներով»։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը տեղեկացուց, որ սա լաւագոյն առիթն է աշխարհին հայերէնով դիմել, հիմնահարցի մը անդրադառնալու համար։ Հետաքրքիրները կը հրաւիրուին ներկայացնել լսողական, տեսողական, գրաւոր կամ գծանկարչական նիւթեր։
Անոնք, որոնք մրցանակի արժանի պիտի դասուին, պիտի ստանան 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ պարգեւ մը։ Պիտի յատկացուի ընդհանուր թիւով 50 մրցանակ։
Դիմումները եւ հարցումները պէտք է ուղղուին՝ ArmCurrentIssuesPrize@gulbenkian.pt հասցէին, մինչեւ 8 յունիս 2020։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։