ԵՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի շփումներով։ Անգարայի եւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ նոյնաժամանակ տեղեկացուցին, որ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական՝ արդէն երրորդ ժամադրութեան մանրամասնութիւնները յստակացած են։ Այսպէս, Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան վերստին պիտի տեսակցին յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին՝ մայիսի 3-ին, Վիեննայի մէջ։

Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ։ Երկրորդ տեսակցութեան ժամադրավայրը հանդիսացած էր Վիեննան։ Այժմ երրորդ հանդիպումն ալ նախատեսուած է Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022