ԷՐՏՈՂԱՆ ՃԻՏՏԷԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Սէուտական Արաբիա՝ Սելման թագաւորի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս ուղեւորութիւնը կը յաջորդէ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տագնապալի շրջանի մը եւ կը համարուի նոր էջի մը բացուիլը։ Նախագահին կ՚ընկերանայ՝ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։

Ճիտտէի մէջ այցելութեան առաջին փուլին Էրտողան Ալ-Սալամ պալատին մէջ դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ նաեւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022