ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ հաստատուած համանուն մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ նշանաւոր կաթոլիկ միսիոնար ու բժիշկ Թոմ Քաթինային։ Սոյն մրցանակը այս տարի տրուեցաւ երկրորդ անգամ։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր ու շքեղ երեկոյթ մը, որու ընթացքին Թոմ Քաթինա ստացաւ իր մրցանակը, ձեռամբ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի։

Մրցոյթի դատակազմը մարդասիրական տեսակէտէ արժեւորած ու բարձր գնահատած է Թոմ Քաթինայի գործունէութիւնը։ Իր պարգեւատրման հիմնաւորումը այն է, որ Քաթինա կը վերականգնէ մարդկութեան նկատմամբ հաւատը։ Ան միեւնոյն ժամանակ արժանացած է 1 միլիոն ամերիկեան տոլար պարգեւի։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պետական աւագանին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, այլ բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Մելքոնեան, որոնց ջանքերով հաստատուած է այս մրցանակը։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017