ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Այս յայտարարութեան մէջ միջնորդները տեղեկացուցին, որ վերջին երկու օրերուն Ժընեւի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած էին Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրէրի եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփինօ Կրանտիի հետ։ Այդ հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Եռանախագահները ի գիտութիւն ընդունած են մայիսի 27-ին վեց հայ զինուորի գերեվարման տեղեկութիւնը։ Անոնք կոչ կ՚ուղղեն ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները եւ այլ ձերբակալեաները՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։

Համանախագահները յայտարարութեան մէջ ընդգծեցին գերիներուն միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան վերաբերուելու պարտաւորութիւնը։ Անոնք խստօրէն յորդորեցին կողմերուն անյապաղ վերացնել Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական հասանելիութեան բոլոր սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ կողմերուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի իրականացուին այն բոլոր յանձնառութիւնները, որոնք ստանձնուած են հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեամբ։

Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնեցին Հայաստան-Ատրպէյճան՝ չճշգրտուած սահմանին վրայ արձանագրուած դէպքերուն առընչութեամբ։ Անոնք անընդունելի համարեցին ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը՝ սահմանային վէճերը լուծելու հարցին մէջ։

«Կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկել, ներառեալ վերատեղակայել զինեալ ուժերը՝ իրադրութեան լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բանակցութիւններու սկսելու համար՝ խաղաղ ճանապարհով սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու համար։ Համանախագահները պատրաստ են աջակցիլ այս գործընթացի դիւրացման», նշուած է երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Միջնորդները կարեւորած են տարածքաշրջանի ժողովուրդներու կայուն, խաղաղ ու բարգաւաճ ապագան՝ յորդորելով կողմերուն հնարաւոր ամենականուխ ժամկէտներու մէջ գործել համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։

Շաբաթ, Մայիս 29, 2021