ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Այս կարեւոր հանդիպումը տեղի ունեցաւ բաւական նուրբ իրավիճակի մը մէջ, երբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը աճած է։ Պաքու սահմանազատման պատրուակով աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր խախտած է Երեւանի ինքնիշխան տարածքները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուայի երէկուան հանդիպման ժամանակ պաշտպանութեան նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ձեռնարկուած խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը։ Անոնք կանգ առին նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Նախարարները շօշափեցին Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկուայ բանակցութիւններու ընթացքին Սերկէյ Շոյկուին ներկայացուց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու Հայաստանի տարածք ներթափանցման մանրամասնութիւնները եւ այդ կապակցութեամբ հայկական բանակին կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները։ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ «սահմանի ճշգրտման» կեղծ հիմնաւորումով իրականացուած Ատրպէյճանի սադրանքները բացարձակապէս անընդունելի են եւ այդ երկրի ստորաբաժանումները պէտք է անյապաղ լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։

Կողմերը դիտարկեցին իրավիճակի հանգուցալուծման հաւանական տարբերակները եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին անհրաժեշտ քայլերու վերաբերեալ։

Երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրներու հրապարակած այս տեղեկութիւններուն առընթեր, հանդիպման սկիզբին ալ նախարարները ամփոփ խօսքերով հանդէս եկան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Այս փուլին Սերկէյ Շոյկու մատնանշեց տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերը։ «Մենք կը քննարկենք հարցեր, որոնք կ՚առընչուին տարածքաշրջանային անվտանգութեան՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ ուժերու աշխատանքին հետ, ինչպէս նաեւ, անկասկած, այն բոլոր սուր խնդիրները, որոնք ծագած են տուեալ պահուն», ըսաւ Սերկէյ Շոյկու եւ ընդգծեց, որ Ռուսաստան պիտի շարունակէ զարգացնել ու խորացնել Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը։ Ըստ իրեն, երկու երկիրները կ՚ամրապնդեն ռազմական համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ միջազգային կառոյցներու շրջանակներէն ներս՝ նախ եւ առաջ ՀԱՊԿ-ի հարթութեան վրայ։ Շոյկու երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակի ցուցանիշը համարեց Ռուսաստանի այն ռազմակայանը, որ տեղակայուած է Հայաստանի մէջ։ Սա կարեւոր գործօն մը կը համարուի տարածքաշրջանի անվտանգութեան պահպանման տեսակէտէ։ Ռուս նախարարը մատնանշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ բարձր մակարդակի վրայ։ Նկատի ունենալով, որ հանդիպումը կը զուգադիպէր մայիսի 28-ին, Սերկէյ Շոյկու շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ Հանրապետութեան տօնին առթիւ։ Իր կարգին, բանակցութիւններու սկիզբին Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ յայտնեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան եւ բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պաքուի ձեռնարկած վերջին սադրանքներուն եւ յարձակումներուն լոյսին տակ Երեւան պաշտօնապէս դիմած է Մոսկուայի աջակցութեան։

Շաբաթ, Մայիս 29, 2021