ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւատարիմ մնալով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն եւ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) օժանդակութեամբ եւ անոր հովանիին տակ իրականացուցած է մարտ 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը ապօրինի հատած Էլվին Արիֆօղլու Իպրահիմովը Ատրպէյճան տեղափոխելու գործընթացը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութենէն նաեւ կը յայտնեն, որ յունիս 28-ին Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ վերոնշեալ անձը յանձնուած է Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական այս քայլը իրականացուցած է առանց որեւէ նախապայմանի:

Աւելի ուշ նախարարութենէն յայտնեցին, որ յունիս 28-ին Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցուած է 2017-ի յունիս 20-ին չբացայայտուած պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Զաւէն Կարապետեանը:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան մարտ 16-ին, ժամը 01.30-ի մօտ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիի մէջ հայ դիրքապահներու կողմէ յայտնաբերուած եւ նախազգուշացմէ ետք վնասազերծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը խախտած Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի բնակիչ, 1986-ին ծնած Էլվին Արիֆօղլու Իպրահիմովը:

Զաւէն Կարապետեանը սահմանը անցած էր 2017-ին:

Այս կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան, որ ըսաւ. «Այս գործընթացը «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքի կիրառումը չէ։ Այստեղ խօսքը չի վերաբերիր փոխանակման, որովհետեւ Հայաստան ամենասկիզբին յայտարարած էր, որ մարտի 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը ապօրինի հատած Էլվին Արիֆօղլու Իպրահիմովը առանց որեւէ նախապայմանի կը վերադարձնէ Ատրպէյճան՝ հիմնուելով մարդասիրական նկատառումներու վրայ։ Այս գործընթացը իրականացուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ մասնաւորապէս՝ այդ կազմակերպութեան Հայաստանի առաքելութեան հետ սերտ համագործակցութեան միջոցաւ։ Իպրահիմով չէր գործած ծանր յանցանք մը, ուստի անոր հանդէպ կիրառելի է մարդասիրական սկզբունքի հիման վրայ անհատական մօտեցումը։

«Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք նաեւ Ատրպէճանի որոշումը ազատ արձակելու 20 յունիս 2017 թուականին անծանօթ պայմաններու ներքեւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Զաւէն Կարապետեանը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ կեզմակերպած ենք անոր հայրենադարձութիւնը։ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս պահուող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու հարցը մշտապէս եղած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին եւ բազմիցս օրակարգի վրայ բերուած է զանազան ձեւաչափերու մէջ եւ հանդիպումներու ժամանակ՝ ներառեալ վերջերս Ժընեւի մէջ։ Ուրախ ենք մեր քաղաքացիի ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձի կապակցութեամբ»։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019