ՕՍԱՔԱՅԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ

Աշխարհի մեծագոյն տնտեսութեան տէր քսան երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են Ճաբոնի տանտիրութեամբ։ «G-20»ի գագաթաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Օսաքայի մէջ, ուր կը քննարկուին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։ Նոյն ամբողջին մէջ տեղի կ՚ունենան աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներու երկկողմանի հանդիպումները։

Օսաքայի մէջ է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի, Էնտոնեզիոյ նախագահ Ճոքօ Ուիտոտոյի, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մալփասի հետ։

Էրտողան-Թրամփ հանդիպումը տեղի ունեցաւ՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բաւական բարդ շրջանի մը մէջ։ Երկու նախագահները հակիրճ յայտարարութիւններ ալ ըրին մամուլի համար։ Էրտողան շատ յատկանշական համարեց Թրամփի հետ տեսակցութիւնը եւ ընդգծեց կողմերու ռազմավարական գործընկերութիւնը։ Ըստ նախագահին, երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը կը յառաջանայ դէպի 75 միլիառ տոլարի սահմանագիծը ու Անգարա եւ Ուաշինկթըն տակաւին կարեւոր քայլեր պիտի առնեն պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ։ «Մենք ունինք առնելիք քայլեր, սակայն ամէն բանէ առաջ ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն։ Այդ ռազմավարական գործընկերութիւնը բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս կը խրախուսէ մեր զօրակցութիւնը։ Համոզուած եմ, թէ յառաջիկային եւս նոյնութեամբ պիտի շարունակուի մեր այս զօրակցութիւնը», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Թրամփն ալ գոհունակութիւն յայտնեց Էրտողանի հետ տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Լրագրող մը Թրամփին հարց տուաւ, թէ ե՞րբ Թուրքիա ձեռք բերէ Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերը, ապա ԱՄՆ պատժամիջոցներ պիտի գործադրէ՞ անոր դէմ։ Ի պատասխան ան ըսաւ, որ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի ղեկավարութիւնը թոյլ չէր տուած, թէ Թուրքիա ունենայ «Փեթրիըթ» հրթիռային համակարգեր։ «Օպամայի շրջանին արդար վերաբերմունք մը չցուցաբերուեցաւ Թուրքիոյ դէմ», ըսաւ Թրամփ եւ աւելցուց, որ Ս-400 հրթիռներու խնդիրը բարդ է։ Կողմերը կ՚որոնեն զանազան լուծումներ եւ պէտք է ցուցաբերել արդար մօտեցում։

Թրամփ ընդգծեց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ մըն է, նաեւ ԱՄՆ-ի բարեկամը։ Կողմերը միասնաբար շատ լաւ գործեր ըրած են եւ իրարու առեւտրական մեծ գործընկերները կը հանդիսանան։ Այդ բոլորը ա՛լ աւելի յառաջ պիտի տարուին։ Երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը պէտք է գերազանցէ նոյնիսկ 100 միլիառ տոլարի սահմանը։ Թրամփի խօսքով, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը խորանան։ Կողմերը կը նախատեսեն առեւտուրը քառապատկել։ Թուրքիա ունի շատ լաւ արտադրութիւն եւ արտադրանք։ «Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան նաեւ ռազմական գետնի վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ կ՚ակըն-կալենք, որ մեզմէ մեծաքանակ ռազմական գնումներ կատարուին» ըսաւ Տանըլտ Թրամփ։ 

Օսաքայի յայտարարութիւններուն մէջ Թրամփ նաեւ ակնարկեց, որ կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ Բայց եւ այնպէս, այդ այցելութեան համար տակաւին յստակ թուական մը չէ ճշդուած։

Թրամփի հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք։

ԱՅԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Օսաքայի մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ երկկողմանի տեսակցութիւններ, որոնք համաշխարհային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյնն էր Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բանակցած են Օսաքայի մէջ «G-20»ի գագաթաժողովի ընթացքին: Զրոյցը տեւած է 1 ժամ 20 վայրկեան, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»՝ յղում կատարելով ԹԱՍՍ-ին:

Թրամփ եւ Փութին համաձայնած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը կը համապատասխանէ ինչպէս երկու երկիրներու, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի շահերուն: Այդ մասին ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ, որ տարածուած է որպէս հանդիպման արդիւնք:

«Նախագահները համաձայնած են, որ երկու կողմերը կը շարունակեն բանավէճերը 21-րդ դարուն սպառազինութիւններու նկատմամբ հսկողութեան չափանիշի շուրջ, որ, ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած է նախագահ Թրամփ, պէտք է ներառէ Չինաստանը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Կողմերը քննարկած են Իրանի, Սուրիոյ, Վենեզուելայի, ինչպէս նաեւ Ուքրայնոյ իրադրութիւնը: Բանակցութիւններուն ռուսական կողմէն մասնակցած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ պաշտօնատար այլ անձեր: Ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններուն ներկայ եղած է Պետական քարտուղար Մայք Փոմպէօ եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։

ԹՐԱՄՓ-ՄԵՐՔԷԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարած է, որ «G-20»ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած է Իրանի շուրջ բանակցային գործընթացի գործարկման հնարաւորութիւնը: Անոր խօսքը յունիս 28-ին մէջբերած է Գերմանիոյ կառավարութեան մամուլի ծառայութեան նախարարներու գրասենեակի մամլոյ ծառայութիւնը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»:

«Ես երկկողմ հանդիպում անցուցի ԱՄՆ-ի նախագահի հետ: Ի դէպ՝ քննարկուած են առեւտուրի հարցեր, բայց, ամենէն առաջ, իրադրութիւնը Լիպիոյ եւ Սախելի գօտիին մէջ, անշուշտ, նաեւ հարցեր, որոնք կապուած են Իրանի հետ. օրինակ՝ այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սկսիլ բանակցային գործընթացին, որուն պաշտպանութեամբ ես հանդէս եկած եմ», նշած է Մերքէլ: «Առաջուայ պէս (Իրանի շուրջ) իրադրութիւնը շատ լարուած է», արձանագրած է վարչապետը: Ինչ կը վերաբերի «G-20»ի աշխատանքին, ապա Մերքէլ նշած է, որ, մասնաւորապէս, քննարկուած է Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան բարեփոխման հարցը: Մերքէլ նաեւ յոյս յայտնած է, որ գագաթաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ եւ Չինաստան յառաջընթացի կը հասնին իրենց միջեւ առկայ առեւտրական վէճի կարգաւորման գործին մէջ, հաղորդած է ԹԱՍՍ:

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019