ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՔՐՈՆ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

«Foreign Policy»ի պարբերականը կարճ հրապարակում մը կատարելով ըրաւ կարեւոր «հաստատում» մը, ուր նշեց, թէ «Մաքրոն իր ձեռքով քանդեց ֆրանսական նախաձեռնութիւնը»։ Պարբերականը, որ անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումներուն, նկատել տուած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանը «փրկելու» միտումները բախած են շրջանային ազդեցիկ ուժերու «կարծր» դիրքորոշման, հետեւաբար նաեւ դիմադրութեան, որուն հետեւանքով ալ Մաքրոն յայտնուած է բարդ վիճակի մէջ, ապա հրաժարած է Լիբանանը «փրկելու» համար առաջ քշուած ֆրանսական նախաձեռնութենէն։

Իմ կողմէ աւելցնեմ,  որ միջազգային պարբերականին վերլուծութիւնը իրաւացի է նաեւ այն պատճառով, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ Իրանը պատրաստ էին միաւորներ նուիրել Ֆրանսային։ Իբր այդ, անոր դերին տալով նոր հնարաւորութիւն, որ կրնար իր մեծ ազդեցութիւնը ունենալ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

Յառաջիկայ օրերուն լիբանանցիք պիտի «նշեն» տարի մը առաջ եղած եղերական պայթումին առաջին տարելիցը։ Զոհերու, փլատակներու, արեան ու մահուան ճանապարհէն քալած Պէյրութը, որ այսօր ալ կը շարունակէ տագնապներու կիզակէտը հանդիսանալ, հարց պիտի տայ Մաքրոնին, որ ինչո՞ւ անկեղծ չէր իր մօտեցումներուն մէջ՝ մա՛նաւանդ ինչո՞ւ բաց կերպով չխօսեցաւ այն կողմերուն մասին, որոնք ամէն ինչ ըրին տապալելու համար իր ծրագիրը։

Լիբանանցիք «անճար» չեն. խնդիրը նաեւ այն է, որ կայ մինչեւ հիմա ընդունուած մօտեցում մըն ալ, որ առանց արտաքին «կանաչ լոյս»ի

Լիբանան պիտի կարողանայ «ոտքի կանգնիլ» եւ լուծել իր սեփական հարցերը։

Սեփական խնդիրներու մասին խօսեցանք, սակայն պահ մը իսկ տարակուսելու իրաւունքը չունինք, որ Լիբանանի մէջ առկայ տագնապը չունի ներքին բնոյթ։ Ան պայմանաւորուած է նոյն արտաքին ուժերու «կոպիտ» միջամտութիւններով եւ ժխտական դերով։

Իսկ այն մօտեցումը, որ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի բերնով հնչեց, թէ «Լիբանանցիք իրենք պէտք է լուծեն իրենց խնդիրները...», դարձեալ անհիմն ու անիրատեսական է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ խաղի տէրն ու տիրականը Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը «պատէ պատ» զարկած ուժերն են։ Ներկայ պահու դրութեամբ այդ ուժերուն համար Լիբանանը ընդհանրապէս ոչ մէկ արժէք ունի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021