ՇՓՈՒԻԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է շարունակէ շփումները Ռուսաստանի հետ։ Մերքել երէկ Պերլինի մէջ յայտնեց, որ Մոսկուայի իշխանութիւններու հետ ուղղակի շփումները հնարաւորութիւն պիտի տան նաեւ խօսիլ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ առկայ առաւել վիճայարոյց նիւթերու շուրջ։ Շանսէօլիէն այս շարքին թուարկեց նաեւ Մոսկուայէն ուղղորդուած սիպեր յարձակումները եւ հիպրիտ պատերազմի բնորոշ գործողութիւնները։

Ըստ Մերքելի, Ռուսաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները այս պահուն լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր։ «Բայց նոյնիսկ Պաղ պատերազմի ժամանակներուն շփումներ գոյութիւն ունէին ու ես չեմ կարծեր, թէ լռութիւնը կրնայ նպաստել խնդիրներու լուծման», ըսաւ Անկելա Մերքել։

ԵՄ-ի վերջին օրերուն տեղի ունեցած գագաթաժողովին ժամանակ Մերքել օրակարգի վրայ եկած էր առաջարկով մը, որպէսզի եւրոպացի ղեկավարները մէկտեղուին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այդ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ չէր պսակուած։ Անկելա Մերքել յայտնած էր, որ եւրոպացի ղեկավարները Ռուսաստանի վերաբերեալ խնդիրները լուծելու համար ո՛չ թէ պէտք է խօսին իրարու միջեւ, այլ՝ Փութինի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021