Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՊԱՅՏԸՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութեան համար։ Ուաշինկթընի շնորհաւորականը Երեւան հասաւ՝ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքի պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս վերջ։ Ճօ Պայտընի շնորհաւորականին մէջ մատնանշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամ է ուժեղացնելու համար Հայաստանի հետ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ոլորտներու մէջ։
Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021