ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Դէպի Եւրոպա ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ այցելեց Վատիկան, ուր ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Սրբազան Պապը Պլինքընը հիւրընկալելու ժամանակ արտայայտեց իր համակրանքը ամերիկացի ժողովուրդին նկատմամբ։

40 վայրկեան տեւած զրոյցը անցած է ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Էնթընի Պլինքըն գոհունակութիւն յայտնեց Սրբազան Պապին հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուած են քորոնաժահրի համաճարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի եւ գաղթականներու վերաբերեալ հարցեր։

Սրբազան Պապին կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Վատիկանի մէջ Էնթընի Պլինքըն այցելած է նաեւ Ս. Պետրոսի տաճարը։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021